Մեր Մասին
ԿԵԱՆՔԻ ԱՂԲԻՒՐ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ
«... Ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, այնպէս ալ ես ձեզ կը ղրկեմ: Հետեւաբար,
գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք... »
(Մտ 28.18-19)
Սիրելի ընթերցող,
Վստահաբար պիտի ուզէիր գիտնալ, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչպէս սկսաւ մեր այս հոգեւոր եւ բարեսիրական ծառայութեան գործունէութիւնը: Այս ուղղութեամբ յարմար կը նկատեմ լուսաբանական ամփոփ վկայութիւն մը տալ քեզի:
Այցելութիւնը
1994-ի Յուլիս 14-ին, երբ տակաւին աշխարհիկ երիտասարդ մըն էի, Աստուած այցելութիւն տուաւ ինծի եւ հոգեպէս իր փառքին սիւնը տեսնելու արժանացուց, որ դէպի իմ սիրտս թափանցեց: Այդ միջոցին, տեսայ ոչ աչքով եւ լսեցի ոչ ականջով, սակայն կարծես բոլոր էութիւնս ականջ եւ աչք մը ըլլար:
Աստուած ըսաւ. «Քեզի գանձ մը պիտի տամ, որ սկիզբ չունի եւ վերջ չունի»: Տիրոջ այս խոստումը հոգեւոր թարգմանութեամբ ըմբռնելու հասկացողութիւնը չունէի տակաւին, ո՛չ ալ գիտէի թէ Սուրբ Հոգիին այցելութիւնն է, միայն գիտէի ինչ որ ներսէս կու գար եւ ես կը զգայի եւ այդ պատճառով ալ այդ խոստումին բերած ներշնչումը իմ սրտիս մէջ բառացիօրէն թարգմանուած պատկեր մը յղացաւ, թէ՝ «Աստուած բարի է, ինչո՞ւ չվերջանալիք գանձ մը պիտի տայ ինծի: Ուրեմն աղքատներուն համար շէնքեր կը կառուցեմ, որ բոլորը հոն հանգիստ ապրին»:
Այսպէս սկսաւ հոգեւոր կեանքիս կոչումը, եւ յաջորդող տարիներու փորձառութիւնը եկաւ ինծի սորվեցնելու, թէ այդ խոստացեալ «Գանձը» նոյնինքն Տիրոջ շնորհքն է, որով կարելի է արժանանալ երկնառաք բոլոր օրհնութիւններուն, ըլլան հոգեւոր թէ նիւթական:
Ի՞նչպէս Ճանչցայ Քրիստոսը
Վերոյիշեալ այցելութիւնը՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը, իմ մէջս զԱստուած փնտռելու եւ կարօտը զգալու մեծ հետք մը դրաւ, եւ այդ օրուընէ սկսեալ ամէն ինչ որ կը խորհէի, այդ ներգործութեան ընկերակցութիւնը կը զգայի համոզումիս մէջ, եւ միշտ դրական առաջնորդութիւն կու տար: Այսպէս, ժամանակ մը ետք արդէն Քրիստոսը իմ սիրելիս եղաւ եւ անկէ ետք իրմէ աւելի ուրիշ բան չկրցայ սիրել ...
Այնուհետեւ, հոգեւոր եւ բարեսիրական ծառայութիւնները սկսան զուգահեռ ընթանալ. այլ խօսքով՝ Տէրը ոչ միայն աղօթքներու կը պատասխանէր եւ հոգեւոր ու մարմնաւոր բժշկութիւնները կ'ընէր հաւատացեալներու կեանքին մէջ, այլ նաեւ՝ նիւթական օժանդակութիւններու դուռը բացաւ մեր դիմաց եւ զանազան յայտնութիւններով ու Սուրբ Հոգիին ներշնչած պատգամներով կ'առաջնորդէր մեզ մեր ծառայութեան մէջ:
Ի՞նչպէս Սկսաւ Բարեսիրական Ծառայութիւնը
Նիւթական նպաստներ բաշխելու առաջին հանգրուանը սկսաւ շատ համեստ պայմաններու մէջ: Այսպէս, մեր հաւատացեալ եղբայրներէն մէկը, որ բանջարեղէնի խանութ ունէր, ամէն Շաբաթ օրուան աւարտին՝ աւելցած բանջարեղէնները մեզի կը բերէր, եւ մենք անոնց մէջէն ամէնէն առողջները կ'ընտրէինք ու կը բաժնէինք հինգ կարիքաւոր ընտանիքներու: Եւ այսպէս ընթացաւ մեր ծառայութիւնը որոշ ժամանակ մը:
Աստուած Օրհնեց
Ամէն Շաբաթ, նպաստի բաշխումի աւարտին, շնորհակալութեան աղօթքով մը կը փակէինք մեր ծառայութիւնը: Շաբաթ օր մը, մինչ կ'աղօթէինք, տեսիլքի մը մէջ Հայր Աստուած յայտնուեցաւ ինծի. կը յիշեմ նոյնիսկ տեսիլքին մէջի դէմքը.- երկար մօրուքով եւ կարմիր, խնդուն այտերով- ձեռքերուն մէջ բռնած ունէր մեծ թիւով սեւ տոպրակներ, եւ ըսաւ. «Այս տոպրակներն ալ պիտի լեցնեմ»:
Այնուհետեւ, մէկ շաբաթ ետք, ուխտաւոր քոյրեր եւ եղբայրներ սկսան ինծի դիմել, ըսելով, թէ՝ այս ձեւի ծառայութիւն մը իրենց ալ իղձը եղած է, ուստի՝ պատրաստակամութիւն յայտնեցին՝ օժանդակելու այս աստուածահաճոյ եւ մարդասիրական գործին:
Այսպիսով, արդէն Հայր Աստուծոյ խոստումը սկսաւ իրականանալ, եւ փոխանակ աւելցած բանջարեղէններէն ընտրելով բաժնէինք՝ արդէն կարելիութիւնը ունէինք այդ քանակը գնելու եւ աւելի ընտիր ուտեստեղէններ բաժնելու կարիքաւորներուն, որոնց թիւն ալ հետզհետէ կ'աւելնար, իսկ Աստուծոյ մեզի ղրկած օրհնութիւնները միշտ բաւարար եղան կարիքաւորներուն: Երբ որեւէ ատեն մարդկօրէն մտահոգիչ գաղափարներ տիրէին մեր վրայ, ինչպէս Մովսէս մարգարէին ըսած էր, նոյնը կը կրկնէր մեզի. «Միթէ տկա՞ր է Տիրոջ ձեռքը» (Թւ 11.23): Շարունակ Սուրբ գրային համարը յիշեցնելով կը քաջալերէր, եւ իրապէս ալ բնաւ օր մը բան մը չպակսեցաւ:
Այսօր, մեր գործունէութիւնը բաւական ծաւալուն է արդէն: Մեր հաստատութեան կողմէ օժանդակութիւններ կը հասնին չորս հարիւր ընտանիքներու: Օրըստօրէ կ'առատանան մեր վրան Տիրոջ օրհնութիւնները, եւ կ'աւելնայ թիւը կամաւորաբար եւ անսակարկ նուիրումով ծառայող քոյրերուն եւ եղբայրնրուն, զորս Տէրը իր պատգամներուն մէջ կոչած է «Հրեշտակներ»:
Հոգեւոր Առաքելութեան Աճումը
Աստուծոյ այցելութեան հիմնական նպատակը աշխարհի մէջ մոլորած քաղցր հոգիները Քրիստոսով փրկութեան հրաւիրելու համար էր:
Խոստումները եւ Կատարումը
Սկզբնական շրջանին, Տէրը բազմաթիւ խոստումներ ըրաւ եւ իր շնորհքներուն ծանօթացուց զիս, որոնցմէ տեղեակ չէի բնաւ, որովհետեւ տակաւին նոյնիսկ Աստուածաշունչը չէի կարդացած եւ այդ ուղղութեամբ իրմէ զատ ուրիշ դաստիարակ չէի ունեցած:
Ժամանակ մը ետք, Տիրոջ խոստումները սկսան իրականանալ. աղօթքի պահուն հիւանդներ կը բժշկուէին, դեւերը առաքելութեան ուժգնութեան պատճառով, նոյնիսկ աղօթելէ առաջ զօրաւոր դող պատճառելով կը ձգէին ենթակաները:
Մարդիկ եւ հաւատացեալներ սկսան նկատել, եւ շատեր որոշեցին հետեւիլ, իսկ ուրիշներ երկրաւոր մտահոգութեան պատճառով չյաջողեցան շարունակել...
Առաքելութիւնը սրտիս մէջ շարունակ կ'աճէր, հոգիներու փրկութեան համար կոչումը հետզհետէ կը մեծնար եւ կը զարգանար, մինչեւ օր մը, երբ Տէր Յիսուս ըսաւ. «Քեզի նոր տեղ մը պիտի տամ, որպէսզի երիտասարդներու համար հոգեւոր ազատ պահեր ընես ու ես իմ կրակովս պիտի լափեմ զանոնք», Տէր Յիսուս իր խոստումը կատարեց եւ տեղը մեզի տուաւ 05-07-2004 ին:
Նոր Տեղը
Գալով տեղի յարմարութիւններուն, պէտք է ըսել, թէ՝ սկզբնական շրջանին չունէինք յստակ կեդրոնատեղի մը, այլ՝ ամէն բան կը կատարուէր մեր համեստ տան մէջ եւ աստիճաններուն վրայ: Աղօթարար եղբայր մը, ամէն անգամ որ աղօթքի գար, հարց կու տար, ըսելով.- «Կը զգամ թէ բան մը կայ որ պիտի ընեմ: Ի՞նչ կ'ուզես որ ընեմ»: Կը պատասխանէի.- «Չեմ գիտեր: Ի՞նչ կարելի է որ ընես: Աղօթէ՛: Երբ Տէրը ինծի բան մը ըսէ, կ'ըսեմ քեզի»: Երկու տարի ետք, ըստ սովորականին, աղօթքի եկած էր եւ նոյն հարցումը հարցուց, ես ալ նոյնը պատասխանեցի: Արձակուած ատեն, Տիրոջ Հոգին յստակ կերպով ըսաւ.- «Հարցուր իրեն, թէ՝ ի՞նչ ըրաւ իր խանութը»: Ես ինծի կը խորհէի.- «Գիտեմ, վարձու տուած է»: Այդ միջոցին, ներշնչումի ձայնին կ'ընկերանար հրեշտակի մը մղումը որ նոյնը կ'ըսէր.- «Դուն հարցո՛ւր, ի՛նչ պիտ' վնասես»: Այդ միջոցին, արդէն ան դրան մօտ հասած էր, եւ հարցուցի.- «Նախկին գործատեղդ ի՞նչ ըրիր»: Ինծի ըսաւ.- «Վարձու տուի, ինչո՞ւ, ի՞նչ կայ»: Այս հարցումս իր երկու տարուան ուղղած հարցումին հանդիպեցաւ, եւ իր վրան նշմարեցի սրտէն բղխած ուրախութիւն մը, եւ ըսաւ.- «Անոր հետ լման շէնք մըն ալ ունիմ որ պարապ է: Ի՞նչ կ'ուզես, ըսէ՛»: Եւ իրեն պատմեցի հարցնելուս պատճառը, թէ մեր տեղը այլեւս բաւարար չէ մեզի համար եւ թէ երէկ գիշեր Տիրոջ կ'ըսէի.- «Մեր տեղը նեղ եղաւ: Ընդարձակելու միջոց պիտի հայթայթե՞ս»: Այս մէկը պատմելէս ետք, եղբայրը պատասխանեց.- «Գետնայարկի վրայ երկու սրահներու բաժնուած 165 մ2 մեծ տեղ մը ունիմ, ահա Տիրոջ կը նուիրեմ իբրեւ կեդրոն՝ ձեր ծառայութեան հովանիին տակ: Հիմա կ'երթամ մաքրելու. եւ կէսօրէ ետք արդէն պատրաստ կ'ըլլայ»: Իր ուրախութիւնը մանուկի ուրախութեան կը նմանէր: Տիրոջ արտօնութիւնը առնելէ ետք, այս առաջարկը իրականացաւ: Եւ այսօր այդ վայրը արդէն հաստատութեան կը պատկանի ու դարձած է մեր պաշտօնական կեդրոնատեղին «Կեանքի Աղբիւր Բարեսիրական Միութիւնը», ուր ամէն օր կը հաւաքուինք աղօթքի եւ պաշտամունքի համար, միաժամանակ առաքելութեան վերաբերող ծառայութիւնները կը կատարենք, իսկ Շաբաթ օրերը, պատրաստուած նպաստները կը ցրուենք չքաւոր ընտանիքներուն:
Մեր Առաքելութիւնը
Այս ամփոփ տեղեկութիւնները Տիրոջ շնորհքներու ովկիանոսին կողքին կաթիլ մըն է: Այս կայք էջը (Web Site)-ը միջոց մըն է Աստուծոյ գործերը եւ խօսքերը պատմելու:
Այն օրը որ Տէրը զիս կանչեց, առանձին էի, մէկ էր առաքելութիւնը, սակայն այսօր, առաքելութիւնը հարիւրաւոր քաջալերողներ, ծառայողներ, նուիրուողներ եւ ուխտողներ ունի:
Այսօր մեր առաքելութիւնը արդէն սկսած է կազմակերպել համագումարներ եւ ձեռնարկներ հոգիներու փրկութեան համար:
Այս առաքելութիւնը նոյն կեդրոնացումով պիտի մնայ, Քրիստոսը աշխարհին ճանչցնելու համար:
Եղբ. Գէորգ Չափարեան |