Նոր վկայութիւններ (Հայերէն) Կիրակի, 30 Օգոստոս, 2009
Դիմէ՛ Յիսուսի եւ քեզի պատասխան պիտի տայ:
Կիրակի, 6 Սեպտեմբեր 2009
Մարգրիտ Տէրտէրեան Մարգրիտ Տէրտէրեանը տարի է մը ի վեր ծունկի ցաւէ կը տառապէր: Աղօթքի պահուն ան կը զգայ ինչպէս ցաւը իսկոյն կ'անհետանայ իրմէ եւ ահա ան ա՛լ ցաւ չունի:
Յովհաննէս Քըլզի  Հինգ օրէ ի վեր Յովհաննէս Քըլզիին թեւը կը ցաւէր եւ այդ պատճառով այդ օրը գործի չէր գացած: Աղօթքի պահուն ան ինքզինքը քննեց՝ տեսնելու համար թէ՝ բժշկուա՞ծ է: Ան կրցաւ բարձրացնել իր թեւը, զոր առաջ չէր կրնար բարձրացնել եւ տեսաւ, թէ ա՛լ բնաւ ցաւ չունի:
Սեպուհ Փամպուքեան Անցեալ օր, «basketball» (կողովագնդակ) խաղացած ժամանակ, Սեպուհ Փամպուքեանին կռնակը վնասուած էր, եւ ա՛լ չէր կրնար ծռիլ: Ան աղօթքի ժամանակ հաւատքով առջեւ եկաւ աղօթելու` ակնկալելով, որ ցաւը իրմէ ամբողջութեամբ կը հեռանայ եւ այդպէս ալ եղաւ: Ան հիմա կրնայ դիւրութեամբ ծռիլ:
Կիրակի, 30 Օգոստոս 2009
Շուշան Մանուէլեան Շուշան Մանուէլեանը, յօդերու բորբոքման(rheumatism) պատճառով, տարիներէ ի վեր ծունկի եւ մէջքի ցաւ ունէր: Երբ գիտութեան խօսքով Տէրը յայտնեց այդ մասերուն մէջ բժշկութիւն, Տիրոջ հպումով տաք հոսանք մը զգաց իր մարմինին մէջ եւ այդ պահէն ետք ան ա՛լ ցաւ չունի:
Լալա Չիլինկիրեան Աղօթքի պահուն Պատուելին գիտութեան խօսքով յայտարարեց, թէ Տէրը մէկու մը ծոծրակի եւ ողնայարին մկաններէն մէկուն բժշկութիւն կու տայ: Լալան երեք օրէ ի վեր շատ ցաւ ունէր այդ տեղերուն վրայ: Գիտութեան խօսքէն ետք Լալան անդրադարցաւ, թէ իր ցաւերը իրմէ հեռացած են:
Պատուելի Գեւորգ Չափարեանի բժշկութեան ծառայութիւնները. -Եւրոպա (Յունիս 2009) -Հայաստան (Յուլիս 2009)
|