Օգնող Ձեռքը
Թուականի Կարգով
2010
2009
2008
2007
2006
2005
Քարոզները Դիտել
Երեքշաբթի, 1 Յունուար, 2008

2010 Տարուան Քարոզները

 

Անկեղծութիւն (7-11-09)
Ի՞նչպէս կարելի է սահմանել անկեղծութիւնը:
Ի՞նչ կը նշանակէ «անկեղծութիւն» բառը եւ Աստուածաշունչին համաձայն՝ ի՞նչպէս կարելի է անկեղծ ըլլալ...

Ո՞վ է Ընկերս (1-11-09)
Մենք ունինք Քրիստոսի ուխտը եւ Սուրբ Հոգին, ինչպէս նաեւ զանոնք աշխարհին փոխանցելու պատուէրը:
Ի՞նչպէս կարելի է, այդ յանձնարարութիւնը յաջողութեամբ կատարելու համար՝ Յիսուսի օրինակին հետեւիլ...

Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը ճանչնալ (14-10-09)
Մեր կեանքին մէջ Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը ճանչնալը եւ Աստուծոյ մեզի տուած զօրութիւնը գործածելն ու կիրակելը անհրաժեշտ է:

Խօսքին Զօրութիւնը (11-10-09)
Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը կախեալ է միա՛յն իր խօսքը ընդունելէն:
Ինչո՞ւ սխալ է ու վնաս է աւանդութեան միջոցաւ կամ այլ ձեւերով Աստուծոյ հետ կապուիլ փորձել...

Հովը Ուր որ Ուզէ ,կը Փչէ (30-09-09)
Ո՛չ ոք իրաւունք ունի Սուրբ Հոգիին հակառակ խօսելու եւ գործելու:
Ի՞նչ պէտք է ընենք Սուրբ Հոգիով քալելու համար:

Արմաւենին (27-09-09)
«Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի, Լիբանանի եղեւինի պէս պիտի մեծնայ» Սղ (92.12):
Աստուածաշունչին  այս խօսքը կը վերաբերի հաւատացեալին: Ի՞նչպէս կարելի է բաղդատել հաւատացեալը արմաւենիին հետ (Կամ ի՞նչ են հաւատացեալին եւ արմաւենիին նմանութեան կէտերը):

Ուրկէ՞ է իշխանութիւնը (6-09-09)
Աշխարհը շատ անգամ հաւատացեալներուն հարց կու տայ. «Ուրկէ՞ է քու իշխանութիւնդ»: Կարեւոր է,  որ մենք իրապէս ճանչնանք մեզի տրուած իշխանութեան մասին ճշմարտութիւնը...

Եկեղեցին եւ Կառոյցը (2-09-09)
Եկեղեցին այն կառոյցն է, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը այս աշխարհին կը ներկայացնէ: Կարեւոր է մեր դերն ու իշխանութիւնը ճանչնանք այս գործը կատարելու համար:
Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր կեցուածքը, որպէսզի մեր իշխանութիւնը գործածուի Աստուծոյ փառքին համար, եւ ո՛չ՝ Սատանային ծրագիրներուն համար:

Ինչ որ ունիմ քեզի կու տամ (30-08-09)
Ի՞նչպէս տալով կ'օրհնուինք: Ի՞նչ ունինք մենք այսօր, որ պէտք է ուրիշին տանք: Ի՞նչպէս այդ մէկը կրնայ ուրիշին կեանքը փոխել:

Հպարտութիւն, Բաժանում, Կործանում (26-08-09)
Ի՞նչ է հպարտութիւնը: Ի՞նչ է անոր դերը Աստուծոյ գործին մէջ:  Ի՞նչպէս կրնայ հպարտութիւնը հաւատացեալը ոջնջացնել:

Վկայութիւն՝ Աստուծոյ Նկարագիրով (23-08-09)
Ի՞նչպէս կարելի է առանց ջանքի Քրիստոսի վկան ըլլալ աշխարհի մէջ:

Սուրբ Հոգիի Մկրտութիւն (19-08-09)
Մեր տկարութիւնները արգելք չեն Սուրբ Հոգիին աշխատանքին:
Ի՞նչպէս կարելի է, որ երկինք-երկիր ստեղծող Աստուածը տակաւին իր գործը մեզի կը վստահի, հակառակ մեր տկարութիւններուն: Ի՞նչ է Սուրբ Հոգիին գործը: 

Քրիստոս Կեանքի Լոյսն է (16-08-09)
Քրիստոս կեանքն է: Ան ամէն բանի յաղթած է, եւ իր փափաքն է, որ մենք ալ նոյնպէս յաղթական ըլլանք ամէն բանի վրայ:
Աստուծոյ փառքը եւ մեծութիւնը տեսնելու համար, ի՞նչ չափանիշով պէտք է հաւատանք:

Դժուարութիւն, Անէծք, Կապանքներ կոտրել՝ (12-08-09)
Երբ մենք Աստուծոյ գործը յանձն կ'առնենք, վստահաբար մեզի պիտի հանդիպին դժուարութիւններ: Եթէ կ'ուզենք թշնամին վերցնել, կարեւոր է դէմ դնենք ատոնց: Իսկ դէմ դնելու համար, կան շատ բաներ,զորս պէտք է փոխենք ու վերցնենք:
Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր վարուելակերպը՝ ճեղքելու համար...

Նուիրում եւ Պատրաստակամութիւն (26-07-09)
Մեր կեանքին մէջ, շատ անգամ անապատային շրջան մը կ'ունենանք, եւ Աստուծոյ ըրածը չենք տեսներ:
Ի՞նչ է Աստուծոյ տեսակէտն ու նպատակը այդ շրջանին: Աստուած մեզի դէպի ո՞ւր կ'ուղղէ այդ ատեն... 

Խաղաղութեան Պահանջքը (15-07-09)
(Յհ 14.27) –ին մէջ, Յիսուս կը խոստանայ Ի՛ր խաղաղութիւնը ձգել իրեն հաւատացողներուն:

Ի՞նչպէս կրնանք բացատրել այն իրավիճակը, որ մենք տակաւին յաճախ կը վրդովինք (կը խռովինք) եւ ի՞նչպէս կարելի է Յիսուսի կատարեալ խաղաղութիւնը մեր կեանքերէն ներս ունենալ:

Օծութիւնը Պատճառով (01-07-09)
Ինչո՞ւ կարեւոր է Սուրբ Հոգիին մկրտութիւնը ստանալ՝ Աստուծոյ գործը ընելու համար: Ի՞նչ կ'ըսէ Աստուածաշունչը ասոր մասին:
Օծութիւնը  առնելէ ետք, զայն ո՞ւր գործածել եւ ո՞ւր ղրկել:

Եկեղեցին եւ Նամակը  (21-06-09)
Շատ անգամ դուն մարդոց Աստուծոյ խօսքը կը փոխանցես, եւ կ'ազդուիս երբ անոնք այդ թանկագին խօսքերը կը մերժեն:
Սակայն Աստուծոյ խօսքը կը յայտնէ, թէ եկեղեցին աշխարհին տալիք մը ունի եւ աշխարհը եկեղեցիին պէտք ունի...Կարեւոր չէ աշխարհը ինչ կ'ըսէ. ինք այդ դեղին պէտք ունի...

Բարոյագիտութիւնը (03-06-09)
Քրիստոնեային բարոյագիտութիւնը կ'ընդգրկէ նուիրուիլ եւ շարունակել, մեր սեփական խորհուրդները ուրանալով եւ խոնարհաբար տեսիլքին յաձնուելով քալել:
Ի՞նչպէս կարելի է մեր ներկայ կապուածութիւններէն հրաժարիլ եւ ատիկա յաջողութեան հասցնել: 

Պաշտամունք, Սրբութիւն եւ Օրհնութիւն (27-05-09)
Օծութիւնը երբ գայ, առանց սրբութեան կը մեռնի...Ի՞նչպէս կարելի  է Աստուծոյ սրբութիւնը մեր կեանքին մէջ ընդունիլ եւ անոր յանձնուիլ...

Յաղթութիւնը Տիրոջմէն է(20-05-09)
Քրիստոնեային բարոյագիտութիւնը կ'ընդգրկէ նուիրուիլ եւ շարունակել, մեր սեփական խորհուրդները ուրանալով եւ խոնարհաբար տեսիլքին յաձնուելով քալել:
Ի՞նչպէս կարելի է մեր ներկայ կապուածութիւններէն հրաժարիլ եւ ատիկա յաջողութեան հասցնել:

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը(17-05-09)
«Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին» (Մտ 7.33)
Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը փնտռել եւ ինչո՞ւ պէտք նախ զայն խնդրել, առնելու համար...

Առիթ Մի՛ Տար Մեղքին(10-05-09)
Աստուածաշունչը կը հաստատէ, թէ քու իրաւունքդ է քու կեանքիդ մէջ եղող պատերազմներէն յաղթական ելլելը: Սակայն ի՞նչպէս կրնաս դուն այդ իրաւունքը կորսնցնել:

Յաղթել Մերժուածութեան(03-05-09)
 «Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ չարին» (Հռ 11.21):
Ի՞նչպէս կարելի չարին բարիով յաղթել:

Ինչո՞ւ կը Մկրտուինք:(01-05-09)   Մաս Ա  
                                                    Մաս Բ 
Ինչո՞ւ կը մկրտուինք: Ի՞նչ կը կատարուի մկրտութեան ընթացքին:

Աստուած Սիրտերը Կը Քննէ (22-04-09)
Աստուած իր սրտին համեմատ մէկը կը փնտռէ: Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ տրամադրուած սիրտ ունենալ:

Յարութիւնը Կապանքներ Կը Կոտրէ (12-04-09)
Յարութիւնը երեք հիմնական կապանքներ կը կոտրէ:
Որո՞նք են այդ կապանքները...

Խաչելութիւն (10-04-09)
Եթէ դուն երկինք երկիր ստեղծող Աստուծոյ հետ հաշտուեցար, Սատանան ի՞նչպէս կրնայ քեզի դէմ կենալ:

Սիրոյ Երեկոյ (09-04-09)
Ի՞նչ է Յիսուսի փոխանցած նամակը մեզի՝ իր ծառայութեան միջոցաւ:

Ճեղքումներ Սրտի Տրամադրութեամբ Ա.Թգ 13—18 (01-04-09)    
Դաւիթին սրտին տրամադրութիւնը զինք ոչխարներուն ետեւէն հանեցԴաւիթին սրտին տրամադրութիւնը զինք ոչխարներուն ետեւէն հանեց:
Քո՛ւ սրտիդ տրամադրութիւնը ի՞նչ է:

Ծաղկազարդ- Յիսուսի Յաղթական Երեք Մուտքերը (05-04-09)
Յաղթութիւնը քու կեանքիդ մէջ գործ մը ունի ընելիք:
Ի՞նչ են Յիսուսի կատարած երեք յաղթական մուտքերը եւ ի՞նչպէս կարելի է այդ «ծրար»-ը քու կեանքէդ ներս առնել:

Հոգեւոր Պարգեւներուն Նախանձախնդիր Եղէք(25-03-09)
«Ուրեմն՝ սիրոյ հետամուտ եղէք: Միաժամանակ հոգեւոր պարգեւներուն փափաքող եղէք» (Ա.Կր 14.1):

Ի՞նչու կարեւոր է հոգեւոր պարգեւները ստանալու համար նախանձախնդիր ըլլալը: Թշնամին ի՞նչպէս կրնայ մեր կեանքի պարագաները ի՛նք որոշել, երբ հոգեւոր պարգեւները բացակայ են մեր կեանքերէն:

Դուն Կարեւոր Ես(22-03-09)
Մենք կարեւոր ենք եւ Աստուած մեզ իր գործին տնտես կարգած է: Աստուած մեզմով ի՜նչ գործեր (հրաշալի բաներ) կը փափաքի ընել...

Մշակներ Հունձքի Համար(21-03-09)
Մ
արդիկ

Շ
տապ
Ա
ստուծոյ
Կ
անչող
Աշխարհի մէջ կան շատ մարդիկ, որոնք փրկութեան պէտք ունին: Ի՞նչպէս կարելի է Յիսուսի՛ նման մշակ մը ըլլալ եւ մարդիկը Աստուծոյ առաջնորդել...

Յիսուս մեր Հանգիստը(15-03-09)
Յիսուս
ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս միակ հանգիստը:
Արդեօք կեանքիդ մէջ կա՞յ մարզ մը, որուն մէջ դուն հանգիստի պէտք ունիս:
Ինչո՞ւ Յիսուսի տուած հանգիստը տարբեր է...


Խօսքին Զօրութիւնը
(08-03-09)

Յաւիտենական խօսքը Աստուած է. Ան մարդացաւ, որպէսզի մեր կեանքին մէջ բան մը կատարէ:
Աստուծաշունչը կը յայտնէ, թէ այս նոյն խօսքը այսօր մեզի հետ է եւ մեր շրթներուն վրայ...
Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա եւ ի՞նչ կը պատահի երբ դուն հռչակես այդ խօսքը:

Սպասելու Օծութիւնը (11-01-09) 
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մե՛նք կը ներկայացնենք (Ղկ 17. 21), բայց շատ կարեւոր բան մը կայ Աստուածաշունչին մէջ, որ մենք «պատրաստուիլ» կը կոչենք:

Ի՞նչպէս պատրաստուիլ փեսային գալուստին....

Խօսքը եւ Պատերազմը (28-12-08)
Երբ Աստուած տիեզերքը ստեղծեց, Ան իր խօսքով մերժեց անձեւութիւնը եւ ըսաւ «Լոյս ըլլայ»: 
Աստուած քու կեանքիդ մէջի խաւարն ալ կը մերժէ...

Քրիստոսի Մարմինը Յաւիտենական Կեանք (7-12-08) 

Յիսուսի մարմինին մէջ յաւիտենական կեանք կայ:

Յիսուսը ընդունողները եւ իր մարմինը հաւատքով առնողները կենդանի պիտի մնան եւ հրաշք պիտի առնեն:

·         Հաւատքի գործ եւ ո՛չ պարտականութիւն

·         Յամառ եւ վայրի ըլլալ

 

Քրիստոսի Փառաւոր Յաղթութիւնը Սատանային Վրայ (6-12-08)

Քրիստոս Սատանային վրայ փառաւոր յաղթութիւն տարաւ:

Շատ անգամ, ներշնչումի տակ, յաղթութիւնը կ’ապրինք եւ Տիրոջ խոստումներ կու տանք: Բայց երբ ներշնչումի վիճակէն ելլենք, այդ ճշմարտութիւնը կը նուազի…

Յիսուս ի՞նչ ըրաւ եւ ի՞նչ կ’ուզէ արթննցնել մեր մէջ:

·         Յիսուսի միանալ՝ հոգեւոր իրականութեան հանդիպիլ է եւ անոր մէջ ապրիլ

·         Հոգեւոր ինքնութեան համար պատերազմիլ

·         Յիսուսի ուսուցումը եւ հոգեւոր աշխարհի նկատմամբ իր տեսակէտը

 

 

Աստուծոյ Սպառազինութիւնը Հագէ՛ք (3-12-08) 
Հոգեւոր աշխարհին մէջ, դուն ունիս թշնամի մը՝ Սատանան: Աստուծոյ սպառազինութեա՛մբ միայն կրնաս երկրի վրայ Քրիստոնէական կեանքը ապրիլ…

·         Հոգեւոր տեսութիւն ունենալ

·         Տիրոջմով զօրանալ

·         Հոգեւոր մթնոլորտին մէջ մեր տեղը գտնել եւ հոգեւոր աշխարհը տեսնել

·         Սպառազինութիւնը հագնիլ հագուստի մը պէս

 

Հնարաւորութիւն Կայ (30-11-08) 
«Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի» (Մտ 7.7):
Ի՞նչպէս խնդրել, ստանալու համար…
       ·    Հաւատքով եւ իշխանութեամբ թշնամիէն իրաւունքը պահանջել
      ·    Յիսուս պիտի կանգ առնէ քեզի համար եւ հրամանը արձակէ

Այո՝ Տէր (29-11-08) 
Կը հաւատանք, որ Աստուած կայ եւ ներկայ է, բայց շատ անգամ ճեղքումը եւ Անոր հետ հանդիպումը դժուար կ’ըլլան…
Ի՞նչպէս կենանք այդ մթութեան մէջ, որպէսզի ճեղքումը կատարուի…

 

Առիթ Մը Դատաստանէն Առաջ (26-11-08)
« Եւ Ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ:

Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ,

վասն զի առաջուայ բաները անցան» (Յյտ 21.4):

Խոստումը կ’ըսէ, որ Աստուծոյ իշխանութիւնը պիտի հաստատուի եւ առաջուանները պիտի անցնին…

Ներկայ օրերը Սուրբ Հոգիին օրերն են:  Այս ժամանակամիջոցին է որ մենք կրնանք ապրիլ այն օրերը, որոնք յաւիտենականութեան մէջ խոստացուած են:

·         Դժուարութիւնները ճեղքել՝ Յիսուսի կատարածին հաւատալով

·         Հիները պիտի անցնին եւ ամէն բան նոր պիտի ըլլայ

 

 

Կրնա՞ս Խմել Այն Գաւաթէն, Որմէ Ես Պիտի Խմեմ... (9-11-08)
Շատ բաներ կը խնդրենք Աստուծմէ ու չենք ստանար … Իսկ շատ բաներ ալ չխնդրած՝ կը ստանանք: Ի՞նչու…

·         Սրտի նուիրում եւ Քրիստոնեայի նկարագիրով կերտուիլ

·         Պատրաստել ճամբան, որպէսզի Փառաց Թագաւորը ներս մտնէ:

·         Հոգեւոր կեանքը եւ նուիրումը յանձն առնել

·         Յիսուսի գաւաթէն խմել

 

 

 

Անոր Վէրքերովը Բժշկուեցանք (2-11-08) 

Յիսուս ուրախութեամբ յանձն առաւ խաչ ըլլելը:

Ան ուրախ էր իր վէրքերը կրած ատեն, որովհետեւ Ան ի մտի ունէր, որ դուն անոնցմով պիտի ազատագրուիս եւ Սատանային գլուխը պիտի ճզմուի…

·         Յիսուս ուրախ էր իր վէրքերը կրած ատեն:

·         Ան քու ազատագրուիլդ կը տեսնէր:

 

 

Մարդու Որդին Տէրն Է Շաբաթին (26-10-08)  
Յիսուս Շաբաթ օրուան՝ Հանգիստին տէրն է: Երբ Յիսուս մտնէ, ամէն հիւանդութիւն ու տագնապ դուրս պէտք է ելլէ:

Աստուծոյ կամքն է որ այս Հանգիստի կեանքը փոխանցուի աշխարհին, եւ մարդիկ ամէն օր Շաբաթ օրուան պէս ապրին.

      ·         Յարաբերութեան մէջ մտնելու համար

·         Աստուծոյ գահին առջեւ կենալով, օրհնութիւն ու շնորհք ստանալու համար

·         Յիսուսով առողջութեան, խաղաղութեան եւ Հանգիստին «այո»-ն ունենալու համար

 

 

  

Աստուծոյ Ընտանիքին Անդամ (18-10-08) 

Աստուծոյ համար նուիրուիլ, սրբուիլ եւ յատկացուիլ

Աստուծաշունչը ինչպէ՞ս կը հաստատէ փոքրիկներու նուիրումը եւ ինչո՞ւ այդ մէկին արժէք կու տայ:

  • Աստուծոյ ընտանիքին անդամ դառնալ
  • Սրբուիլ եւ յատկացուիլ Աստուծոյ գործին
  • Նուիրուիլ եւ կեանքը Աստուծոյ փառքին համար յատկացնել
  • Պզտիկին կեանքին մէջ օրհնութիւն բերել
  • Յիսուսի օրինակով կերտուիլ եւ Աստուծոյ առջեւ շնորհք գտնել

 

Մի՛ Ըսեր Իմ Գործս Չէ (11-10-08) 

Աստուածաշունչը ամէն հաւատացեալի գործ մը տուած է՝ երթալ ամբողջ աշխարհ եւ Յիսուսը հրամցնել բոլոր արարծներուն: Բայց շատ անգամ մեր համարձակութեան պակասը, վախերը, արգելքները եւ պայմանները արգելք կ’ըլլան որ մենք Տիրոջ պատուէրը կատարենք: 

 

Ի՞նչպէս ճեղքենք թշնամիին արգելքները…

·         Յովնաթան իր հաւատքով եւ Աստուծոյ հետ իր կապով, կրցաւ Թշնամիին բանակը ճեղքել:

·         Դաւիթ իր սիրտին մէջ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան շինած էր եւ կրցաւ Գողիաթի դիմաց ամուր եւ հաստատ կանգնիլ:

 

 

Որդի եւ Վարձկան (01-10-08) 

Եկեղեցիէն ներս, Աստուած կը մերժէ ունենալ վարձկաններ՝ որոնք իր ծրագիրն ու նպատակը չեն ճանչնար:

Ան կը փափաքի ունենալ ժառանգորդ որդիներ, որոնք իր տեսիլքը ունին:

 

Ի՞նչ է որդիին յատկութիւնը, անոր մտածելաձեւը.  Ի՞նչ ձեւով որդին կը շարժի:

 

Խաչն ու Փրկագործութիւնը Երկինքէն Հովանաւորուած (28-09-08) 
Յիսուսի խաչելութեամբ եւ փրկագործութեամբ, Աստուած երկինքը բացաւ մեր առջեւ: «Վստահ եղէ՛ք, երկինքը բացուած պիտի տեսնէք» (Յհ 1.51)

Յիսուսի խաչը, որ յիմարութիւն է կորսուածներուն համար, մեր զօրութիւնն է եւ դուռն է բոլոր խոստումներուն:

 

 

Յիսուսի Հետեւելու Կարեւորութիւնը (31-08-08) 

Աստուած պաշտելը չափ եւ սահման չունի: Քու անսահման նուիրումդ Յիսուսի սիրտը պիտի շարժէ եւ օրհնութիւնը պիտի հոսի քու կեանքէդ ներս:  

  • Մարիամ իր ամենաարժեքաւոր բանը Յիսուսի ոտքերուն վրայ թափեց:
  • Յիսուս գնահատեց Մարիամի նուիրումը եւ իր սիրտը շարժեցաւ:
  • Հրաշքը կատարուեցաւ

Մխիթարութիւն՝ Խօսքին Զօրութեամբ (16-04-08)  
Ալիքի պէս երեւցած դժուարութիւնդ, քու առջեւդ  ծովեզրին եղող ջուրին պէս պիտի ըլլայ:

Քրիստոսի ԴեսպաններԿենսատու ԽօսքըՁեռնարկներ
Մեր Մասին Մեր Հաւատքը Հարցումներ Նամականի Այբ Էջ About the Spring of Life - English