Յիսուսի Խսչելութիւնը Մահուան Աշխարհին Համար Ուրբաթ, 2 Ապրիլ, 2010· Խաչելութիւնը երկու դիմագիծ ունի՝ Յիսուսի չարչարանքները եւ Յիսուսի մեզի շնորհածը:
· Կարեւոր է, որ ապրինք Յիսուսի մեզի շնորհածներուն չափանիշին համաձայն (Հռ 8.17):
· Յիսուս իր չարչարանքներուն ընթացքին ուրախ էր մեր փրկութեան համար (Եբր 12.2):
· Յիսուսի մահը մեր փրկութեան միակ միջոցն է (Ես 53.4-5). Ան ամէն բան իր վրայ առաւ, որպէսզի մեզ ազատէ (Բ.Օր 21.23, Ա.Պտ 3.18):
· Յիսուսի մահն ու խաչելութիւնն ալ երկու դիմագիծ ունին՝ մին կատարուած իրողութիւնը իսկ միւսը՝ դժոխքին մէջ ստեղծուած տակնուվրայութիւնը (Սղ 24.7) երբ Յիսուս մահուան աշխարհը մտաւ կենդանի հոգիով եւ ցոյց տուաւ մահուան դէմ իր յաղթութիւնը:
· Քրիստոսի կատարածը արժեւորենք, եւ իր կատարածը ապրինք մեր կեանքերով (Հռ 6.1-11, Գղ 5.24, Ա. Կր 1.18): |