Պարիսպները Վար Ինկան  Շաբաթ, 17 Ապրիլ, 2010· Պարիսպները ինկան, որովհետեւ Աստուծոյ ժողովուրդը հաւատքի քայլ առաւ եւ Տիրոջ հետ պատերազմակից եղաւ (Յես 5) :
· Ապաշխարութեամբ մենք նոր արարած եղանք, հետեւաբար պէտք է մեր կեանքերը տեսնենք այնպէս ինչպէս Աստուած կը տեսնէ, որպէսզի պարիսպները փլին (Բ.Կր 5.17) :
· Ապաշխարելէ ետք, երբ մեր առաջին քայլը կ'առնենք Աստուծոյ գործին մէջ, կը տեսնենք, թէ մեր կողքին պատերազմող մը կայ (Յես 5.13): Քու ապաշխարութիւնդ եւ Տիրոջ յանձնած կեանքդ հոգեւոր ճամբորդութեանդ ընթացքին առանձին պիտի չմնայ եւ դուն թշնամիին պարիսպները փլած պիտի տեսնես:
· Այնուհետեւ, կը սկսինք Աստուծոյ հռչակումները լսել եւ մենք կ'երկրպագենք:
· Երկրպագութիւնը մեզ կը հասցնէ այն տեղը, ուր Աստուած կը սկսի խօսել:
· Պէտք է հաւատանք եւ պատրաստուինք:
· Քանի որ դուն Աստուծոյ խօսքը պիտի խօսիս, լաւ սորվէ՛ եւ լաւ կարդա՛ (Բ.Տիմ 3.16-17):
· Իւրաքանչիւրս Տիրոջ խօսքը առնենք եւ մեր պարիսպներուն դէմ հռչակենք: |