Մկրտութեան Ջուրը Պատերազմի Դաշտ է  Չորեքշաբթի, 14 Ապրիլ, 2010· Մկրտութեան ջուրը պատերազմի դաշտ մըն է, իսկ մկրտութիւնը, հաւատքով կատարուած, յաղթութիւն մըն է:
· Տէրը մեզի համար կը պատերազմի (Ելք 14.14):
· Մովսէս գաւազանով ճամբան բացաւ, Յիսուս՝ իր խաչով: Երբ հաւատքով կը մկրտուինք, Յիսուսի խաչին վրայ տարած յաղթութիւնը մեր կեանքերուն մէջ կ'առնենք:
· Մկրտութիւնը հաւատքի պարտականութիւն մըն է որ մենք յանձն կ'առնենք, սակայն երբ ջուրէն դուրս գանք, Սուրբ Հոգին իր կարգին իր պարտականութիւնը յանձն կ'առնէ: |